30/09/2026
ԱՐԺ. Տ. ԵԶՆԻԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Սեպտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Արժ. Տ. Եզնիկ Աւ. Քհնյ. Կիւզէլեանը։
Տէր Հայրը, որ նախկին Պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ, երկար տարիներէ ի վեր կը քահանայագործէ Պրազիլիոյ հայոց թէմի մէջ։ Ան, տարեկան արձակուրդով քաղաքս կը գտնուէր եւ եկած էր ներկայանալու Նորին Ամենապատուութեան՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը հայրական սիրով ընդունեց Տէր Հայրը, որուն հետ զրոյց ունեցաւ զանազան նիւթերու շուրջ։ Անոր մաղթեց բարի գալուստ եւ արձակուրդ քաղաքիս մէջ։